Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով. Խաղողօրհնէք` Հալէպի Հայկական Եկեղեցիներուն
Մէջ
Հալէպի դիմագրաւած ներկայ ծանր օրերուն ընթացքին ուրախալի է լրատուութիւններէն կարդալ,
որ, այսուամենայնիւ, կեանքը կը շարունակուի: Ըսուածին լաւագոյն ապացոյցներն են Հալէպի
մէջ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին ստորեւ տրուած տպաւորութիւնները: Բաւական
տաղտկալի շաբաթ էր անցնող շաբաթը: Զինեալ արմատական խմբաւորումները կը յայտարարէին, որ
արաբական Ֆիթրի տօնին Հալէպի մէջ իսլամական իշխանութիւն պիտի հաստատեն: Ֆիթրի չորս
օրերը անցան, ցարդ նման իշխանութիւն չյայտարարուեցաւ: Հալէպի մէջ սղաճն ու անապահովութիւնը
տակաւին կը շարունակուին: Սնունդի խնդիրը լուծուեցաւ, սակայն սակագիները անբնական ու
անընդունելի են: Անցնող շաբթուան ընթացքին պետական համապատասխան կառոյցները Հալէպի
մէջ ականուած երեք ինքնաշարժներ յաջողեցան բացայայտել եւ ականները քակել: Այս շաբթուան
մէջ արձակազէնի կրակոցով երկու, պաղ կապարով մէկ եւ հրասանդի բեկորով մէկ հայորդի վիրաւորուեցան: Շաբաթավերջին
6 հայեր Հալէպէն Երեւան ճամբորդելու ընթացքին թրքական սահմանին մօտակայ Հալէպի գիւղերէն
մէկուն մէջ առեւանգուեցան: Առեւանգուողներէն երկուքը կիներ էին, որոնք վերադարձուեցան
Հալէպ, իսկ 4-ը տղամարդիկ, որոնցմէ մէկը մեքենավարն էր: Անոնց ճակատագիրը ցարդ անյայտ
է: Հովանաւորութեամբ Պետրոս արք. Միրիաթեանի, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ միութեան,
«Աղաճանեան» սրահին մէջ եւ երեք օրերու տեւողութեամբ ներկայացուեցաւ «Հայրիկը» գեղարուեստական
երեկոն: Կիրակի, 11 օգոստոսին Հալէպի հայկական եկեղեցիները կատարեցին խաղողօրհնէքի
արարողութիւն: Բաւական դժուար պայմաններու մէջ կը շարունակուի Հալէպի կեանքը: